2013-12-24 11:06:40

Ս. Ծննդեան Եւ Նոր Տարուան աւանդական հաւաք` «Նարեկի Տիրամայր» կեդրոնին մէջ։


Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Պուրճ Համուտի «Նարեկի Տիրամայր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. ծննդեան տօնի աւանդութիւն դարձած ընկերային հանդիպումը` կեդրոն յաճախող պուրճհամուտաբնակ տարեցներուն հետ:
Ընկերային հանդիպումը սկսաւ Զըմմառու վանքի մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի Տէրունական աղօթքով: Ապա խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, թէ այս տարի գերապայծառ տէրը ինք անձամբ հաճեցաւ ներկայ գտնուիլ եւ հովանաւորել այս հաւաքոյթը: Տոքթ. Եափուճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նուիրատուներուն եւ հովանաւոր միութիւններուն, որոնց օժանդակութեան շնորհիւ կեդրոնը ոտքի կը կանգնի եւ կը շարունակէ իր ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւնը: Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Եափուճեան հարց տուաւ, որ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ Մալթայի ասպետներու միութեան օրինակով այս կեդրոնին օգտակար հանդիսացող բարերարները համախմբուին եւ կազմեն Նարեկի Տիրամօր ասպետներու միութիւնը` ընկերային ծառայութիւնը աւելի նպատակասլաց դարձնելու համար:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, որ նշեց, թէ իրեն համար մեծ օրհնութիւն է գտնուիլ կեդրոնի տարեց այցելուներուն հետ: Ան Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Զըմմառու Տիրամօր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկայ տարեցներուն եւ պատասխանելով տոքթ. Եափուճեանի հարցադրումին ըսաւ, որ դիւրին է միութիւն մը ստեղծել թուղթի վրայ, սակայն կարեւորը այն է, թէ ինչպէս այդ միութեան աշխատանքը կազմակերպ ձեւով ընթանայ: Ան խոստացաւ այս հարցը ներկայացնել ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ: Գերապայծառը նաեւ խոստացաւ Նոր տարիէն ետք Զմմառու վանքին կողմէ մասնագէտներ ղրկել կեդրոն` նոր ջեռուցիչ էր-քոնտիշըններով օժտելու համար կեդրոնը:
Ընկերային հաւաքի աւարտին ժամանեց Կաղանդ պապուկը եւ ներկայ գտնուող տարեցներուն բաժնեց Ս. Ծննդեան նուէրները:








All the contents on this site are copyrighted ©.